«Հայաշէն» Մասնաճիւղի Ամանորի Ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

Կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի «Հայաշէն » մասնաճիւղի վարչութեան,  17 դեկտեմբեր 2015-ին, Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի առիթով տեղի ունեցաւ հաւաքոյթ մը , Հայաշէնի «Ռոստոմ » ակումբի  «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ՝  հիւրերու, ԼՕԽ-ի ընկերուհիներու եւ համակիրներու:

Ներկաները սրահի մուտքին հիւրասիրուեցան խմիչքով եւ տուրմով:

     Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի  ատենապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Պաղտասարեան, ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն,եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան եւ քաջալերանքին վարչութեան ձեռնարկը  մաղթելով բոլորին  առողջութիւն եւ երջանկութիւն , ապա խնդրեց որ նոր տարուայ սեմին ամէն մէկ անհատ ետդարձ ակնարկ մը կատարէ եւ մտածէ թէ ինչ բարիք գործած է անցնող տարուայ ընթացքին , իսկ եթէ ոչ, գալիք տարուայ մէջ կատարէ զայն , որպէսզի սրտի գոհունակութիւն զգայ բարեսիրական  գործեր կատարելով:

«ԼՕԽ-ի գործունէութիւնը պէտք է օրինակ դառնայ բոլորին »ըսաւ ան :քանի հոն կը կատարուի  հսկայ աշխատանք  օժանդակելու կարիքաւոր ընտանիքներուն, տարեցներուն եւ հիւանդներուն  .......

    Ապա  ընթերցեց  Հայկական ամանորի աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն մասին զանազան գրութիւններ,   թէ ինչպէս սեղանները կը զարդարէին, տարեցները ինչ բաներ կը նուիրէին իրենց հարսերուն կամ թոռներուն, ուտելիքները կամ քաղցրեղէնները ինչ բաներէ կը բաղկանային եւայլն:

   Վարչական  ընկերուհիներուն կողմէ պատրաստուած ճաշի սպասարկումէն ետք,ներկաները լսեցին բանաստեղծ Մուղեշ Իշխանի՝ «Նամակ Կաղանդ պապային» արտասանութիւնը. որմէ ետք ժամանեց Կաղանդ պապուկը. ներկաներուն հետ միասնաբար  երգելով ու պարելով ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծեց, նուէրներ բաժնեց, բոլորին զուարճացնելէ ետք փոխանցեց ի սրտի խօսքը  եւ  հրաժեշտ տալով մեկնեցաւ:
Ուրախ մթնոլորտը շարունակուեցաւ, տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ  նուիրատուութիւններ:

Ներկաները հիւրասիրուեցան ամանորի առթիւ պատրաստուած կրկնեփուկով եւ ուրախ տրամադրութեամբ մեկնեցան սրահէն: