ՀԱՅԱՇԷՆ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽի Հայաշէն մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ, Հայաշէնի Ժողովրդային տան Սեդրակ Աճեմեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընկերային հանդիպում մը:

Ձեռնարկը կը զուգադիպէր Տեառնընդառաջի եւ Ս. Սարգիսի տօներու շաբթուան: Այդ առիթով հրաւիրուած էր շրջանի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ քահանան` Յովհաննէս Պոյաճեան:

Բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Զարուհի Գալեմքերեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ Հայաշէնի մէջ ընկերային, առողջապահական եւ կրթական կարիքներուն որոշ գոհացում տալու նպատակով վարչութեան կատարած աշխատանքին ու բերած ներդրումին: Ան յատուկ կերպով շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկաբնակ նախկին հայաշէնցիներուն, որոնք զանազան առիթներով կ՛օժանդակեն մասնաճիւղին:

Ապա խօսք առաւ Յովհաննէս քհնյ. Պոյաճեան, որ անդրադարձաւ զոյգ տօներուն եւ անոնց առնչուած աւանդութիւններուն: Ան դիտել տուաւ, որ Տեառնընդառաջին կրակ վառելու աւանդութիւնը կը խորհրդանշէ, որ Քրիստոս լոյս աշխարհ տրուեցաւ մեզի, իսկ հեթանոսական իմաստով անիկա շնորհակալութեան դրսեւորում է չաստուածներուն: Ան ներկայացուց նաեւ իր հաւատքին համար նահատակուած Ս. Սարգիսի կապուած աւանդութիւններ, որոնց կարգին` ծոմապահութիւնը, հարսնացու աղջիկներուն կողմէ տան անկիւնը ալիւր զետեղելը` այն յոյսով, որ Ս. Սարգիսի ձիուն պայտի դրոշմը պիտի գտնեն հոն:

Աւարտին քահանայ հայրը ներկաներուն թելադրեց կառչած մնալ հայկական ու քրիստոնէական աւանդութիւններուն եւ զանոնք փոխանցել սերունդէ սերունդ:

Ներկաները հիւրասիրուեցան ԼՕԽի խոհանոցին կողմէ պատրաստուած համեղ ճաշով եւ Ս. Սարգիսի հրուշակով: Անոնք նաեւ ստացան թերթիկներ, ուր նշուած էին Տեառնընդառաջի եւ Ս. Սարգիսի աւանդութիւնները:

Վիճակաձգութենէն ետք տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ: