«Համբարձում» եւ «Մայրերու Օր»

This page is not yet available in this language.

Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ «Ջ. Շանթ» մասնաճիւղին, «Մայրերու Օր»ուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 19 Մայիս 2015-ին, մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ, Տըքուէնի։

ԼՕԽ-ի քայլերգի յոտընկայս ունկնդրութենէ ետք, վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ժագլին Ագըլեան բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Այտա Խուստեքեանին, շրջանի ընկերուհիներուն եւ հիւրերուն, անդրադարձաւ հայ մօր առաքելութեան, շեշտը դնելով անոր պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն։

Ապա հրաւիրեց ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբի անդամ՝ ընկհ. Սեդա Չէօրէքճեանը, որպէսզի ներկաներուն բացատրէ եւ ցուցադրէ հայկական զանազան ասեղնագործերու տեսակները՝ ինչպէս Մարաշի, ՈւրՖայի, Սուազի եւայլն...

Հայկական աւանդութիւնները եւ սովորութիւնները պահպանելու ազնիւ գործը մաս կը կազմէ ԼՕԽ-ի առաքելութեան։

Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ աւանդական Համբարձման տօնի յատուկ վիճակաձգութիւնը։