Համբարձում

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի, Համբարձման տօնին առիթով կազմակերպած ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 25 Մայիս 2017-ին Արագած ակումբի «Ս. Գալայճեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Նազելի Աւագեանի, հիւրերու, քոյր մասնաճիւղերու թէ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ անդամուհիներու։

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիլվա Շիրինեան, որ անդրադարձաւ Համբարձման տօնին եւ մայրերու ամսուան խորհուրդներուն, բարի գալուստ եւ ուրախ ժամանց մաղթեց ներկաներուն։

Մթնոլորտը ճոխացուց հանրածանօթ երգչուհի Լարա։ Ներկաները ընտրեցին եւ կարդացին իրենց վիճակները, տեղի ունեցաւ օրուան բախտաւորի ընտրութիւն։

Ձեռնարկի աւարտի տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, որմէ բախտաւորուեցան գրեթէ բոլոր ներկաները։