Համբարձման Տօնի աւանդական պտոյտը

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Կարս» (Էշրէֆիէ շրջան) մասնաճիւղի Համբարձման Տօնի աւանդական պտոյտը այս տարի կազմակերպուեցաւ դէպի Պաթրուն, Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Սանդուխտ Հերկելեանի, մասնաճիւղի անդամուհիներու եւ շրջանէն ԼՕԽ-ի բարեկամներու մասնակցութեամբ:

Մասնակցողները, առաւօտեան նախաճաշը կատարեցին «Շէմսին» ծաղարանին մէջ, ապա այցելեցին Թռչնոց Բոյնի «Ա. Պէզիկեան» թանգարանը, աւարտին՝ Ժպէյլի «Հայ Կեդրոն»ը, ուր հիւրնկալուեցան ԼՕԽ-ի «Սօսէ» մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիներուն կողմէ:

 «Սօսէ» մասնաճիւղի  վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Լուսին Պէզճեան բարի գալուստ մաղթելէ   ետք ներկաներուն անդրադարձաւ մասնաճիւղի աշխատանքային մարզերուն:

Ապա ուղղուեցան Պաթրուն եւ այցելեցին հռոմէական օրերու շինուած Ս. Ճորճ եւ Ս. Ստեփան եկեղեցիները:

Պաթրունի «Le Marin» Ճաշարանին մէջ հաւաքական ճաշի ընթացքին, տեղի ունեցաւ Համբարձման վիճակախաղը եւ  իւրաքանչիւր ներկայի այս տարուան բախտը գիտնալու արարողութիւնը: Այս առիթով խօսք առաւ մասնաճիւղին մօտ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեան, որ գնահատեց մասնաճիւղի միամեայ հաւաքական գործունէութիւնը եւ մաղթեց նորանոր յաջողութիւններ յառաջիկայ աշխատանքներուն:

Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր: