ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

This page is not yet available in this language.

Ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբի անդամներուն եւ ծնողներուն, կիրակի, 22 օգոստոս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Այնճարի Ազգային Յառաջ Գ. Կիւլպենկեան երկրորդական վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբի գլխաւոր ծրագիրներէն «Կազդուրման կայան»ի փակման հանդիսութիւնը:

Շուրջ 1 ժամուան ընթացքին 43 պատանիներ եւ պարմանուհիներ իբրեւ նիւթ ներկայացուցին հայ ազգային-ազատագրական պայքարի դէմքերէն Դրոյի, Գէորգ Չաւուշի եւ Սօսէ Մայրիկի կեանքէն դրուագներ, պատմուածքներ, խօսքեր, եւ անշուշտ՝ հայրենասիրական եւ ազգային երգեր:

Այս պատանիները 3 շաբթուան ընթացքին յատուկ հոգատարութեան առարկայ դարձան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբի եւ կամաւոր երիտասարդերիտասարդուհիներուն ու պատասխանատուներուն կողմէ, որոնք փոխանցեցին շինիչ տեղեկութիւններ եւ գիտելիքներ, դաստիարակչական եւ կենցաղավարական, առողջապահական եւ մարզական ցուցմունքներ:

ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց պատանիներուն՝ այս ծրագիրի յաջողութեան համար, ապա շնորհակալութեան երկրորդ խօսքը ուղղուեցաւ կամաւորներուն, որոնք սիրայօժար օգտակար դարձան ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբի այս ծրագիրի յաջողութեան, ապա ընկերային յանձնախումբի անդամներուն, որոնք իրենց առօրեայ ներկայութեամբ, աշխատանքով եւ հետապնդումով երեք շաբաթ հսկեցին աշխատանքներուն: Այնուհետեւ ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք վստահեցան իրենց զաւակները ԼՕԽ-ի 3 շաբթուան դպրոցին՝ «Կազդուրման կայան»ին:

Ան նաեւ կոչ ուղղեց ծնողներուն, որ նեցուկ կանգնին ԼՕԽ-ի ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն, որովհետեւ անոնք կարեւոր աշխատանքներ են՝ աւելցնելով, որ՝ «Դուք ալ միացէք ԼՕԽ-ի մեծ ընտանիքին եւ միասնաբար շարունակենք մեր առաքելութիւնը»:

Վերջապէս, ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Այնճարի քաղաքապետութեան, Ազգ. Յառաջ

-Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի տնօրէնութեան, Այնճարի Կարմիր լեռ կոմիտէին, հայրե-նակիցներուն, ԼՕԽ-ականներուն եւ բարերարներուն, որոնք օգտակար դարձան այս ծրագիրի յաջողութեան: Ան մաղթեց, որ ապագային ԼՕԽ-ը ունենայ «Կազդուրման կայան»ի իր յատուկ կեդրոնը, ուր ըլլան մեծ թիւով պատանիներ:

 

ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ