Հաւաքոյթ՝ «Կանանց Միջազգային Օր»ուան առիթով

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Հինգշաբթի, 8 Մարտ 2018-ին, կազմակերպեց «Կանանց Միջազգային Օր»ուան առիթով հաւաքոյթ մը, ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին մէջ, Մար Միխայէլ: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Հուրի Պաժիքեան եւ կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեան, ինչպէս նաեւ խաչուհիներ եւ բարեկամուհիներ:

Մուտքին, ներկաներուն կուրծքը զարդարուեցաւ մանիշակագոյն ծաղիկներով, պատրաստուած ընկհ. Լենա Գալուստեանի կողմէ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութինէն ետք, ընկհ. Արփի Մինասեան-Կոստանեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, գնահատեց բոլոր կիները, մէջբերեց մեր կին գրողներու՝ Զապէլ Եսայեանի եւ Սրբուհի Տիւսապի խօսքերը կիներու մասին:

Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօս՝ ընկհ. Շողիկ Խաչատուրեանը, որ լրիւ ձեւով ներկայացուց հայ կնոջ ունեցած ներդրումը մեր կեանքէն ներս: Մէջբերեց աշուղ Ճիւանիի խօսքերը եւ աւարտեց Նշան Պէշիկթաշլեանի այն գրութիւնով, ուր կը գովաբանէ հայ կինը:

Վարչութիւնը պզտիկ նուէրով մը գնահատեց շրջանի ամենէն տարեց ընկերուհին, որ իր կեանքի ընթացքին նուիրուած է ԼՕԽ-ին:

Վիճակահանութեան տոմսի փոխարէն ծախուեցան Սուրբ Զատիկը խորհրդանշող իրեր: Վիճակաձգութիւնը տեղի ունեցաւ եւ շատեր բախտաւորուեցան:

Ընկհ. Հուրի Պաժիքեան եղաւ օրուան բախտաւոր ընկերուհին, ստանալով գեղեցիկ լուսամփոփ մը:

Եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Ներկաները մեկնեցան ուրախ տրամադրութեամբ, ուժ եւ կորով մաղթելով վարչութեան: