Հ. ՍԱՍՈՒՆԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

This page is not yet available in this language.

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Հ. Սասունի մասնաճիւղին, Կաղանդի յատուկ խրախճանք տեղի ունեցաւ Էտկար Ակնունի ակումբին մէջ՝ ներկայութեամբ 95 մանուկներու եւ պատանիներու։

Մասնաճիւղի ատենապետ Ալին Քէշիշեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ներկայացուց Կաղանդի եւ Ս. ծննդեան առնչուող սովորութիւններ։

ԱպաՈւրախ տարեդարձ խումբը ճոխացուց մթնոլորտը, տօնական տրամադրութիւններ ստեղծեց՝ երգերով, դաստիարակչական խաղերով, մրցումներով եւ անակնկալներով։ Աւարտին նուէրներ տրուեցան մանուկներուն, որոնք ուրախութեամբ դիմաւորեցին Կաղանդ պապան, անոր հետ պարեցին, երգեցին եւ հաճելի ժամեր անցուցին։