Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ընկերային յանձնախումբին, Շաբաթ 13 դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կազդուրման կայանի եւ գրադարանի փոքրիկներուն Ամանորի աւանդական խրախճանքը:
85 փոքրիկներ 2 ժամուան ընթացքին յանձնախումբին եւ «Ուրախ տարեդաձ» խումբին հետ անցուցին անմոռանալի պահեր ԼՕԽ-ի երդիկին տակ:
Յանձնախումբի ատենապետ ընկհ. Սօսի Մանուէլեան իր բացման խօսքին մէջ բոլոր փոքրիկներուն ծանօթացուց ԼՕԽ-ի աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100 -ամեակը խորհրդանշող«Անմոռուկ» ծաղիկին նշանակութեան:
Ձեռնարկի ընթացքին փոքրիկները ծանօթացան իրարու եւ դաստիարակչական , ընկերային խաղերէ ետք, դիմաւորեցին Կաղանդ պապուկը , որուն ժամանումը մեծ հրճուանք պատճառեց բոլորին . ապա անոնք Կաղանդ պապուկին հետ միասնաբար պարեցին հայկական պարեր , երգեցին տօնական երգեր եւ ստացան յատուկ նոէրներու ծրարներ:
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ ընկերային յանձնախումբի իւրայատուկ այս նախաձեռնութիւնը տպաւորիչ եւ անմոռանալի յիշատակներ դրոշմեց փոքրիկներուն սրտերուն եւ մտքերուն մէջ:






















