ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի ծրագիրի հիմնական առանցքը Կազդուրման կայանն է: Յանձնախումբը ուշադրութեան առարկայ կը դարձնէ ընկերային, առողջապական եւ սննդական հարցեր դիմագրաւող ընտանիքներուն երեխաները:
15-8-2012-ին ,ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները այցելութիւն մը տուին ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբի Կազդուրման կայանի ծրագիրին մասնակցող պատանի-պարմանուհիներուն՝ Ազգ. Յառաջ- Գ. Կիւլպենկեան վարժարանի մէջ ,Այնճար :
Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին պատանիներուն մաղթեց լաւ օրեր եւ ուրախ ժամանց, ինչպէս նաեւ խօսեցաւ ԼՕԽ-ի լայնածաւալ գործունէութեան մասին ։
Պատանիները ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը կիրակի օրուան իրենց հանդէսի պատրաստութենէն :
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան անդամները փոքրիկներուն հետ միատեղ ճաշելով ուրախացուցին զանոնք……
Նոյն օրը վարչութիւնը այցելեց նաեւ ,Այնճարի մէջ կառուցուող,Գլպաշեան բարերարներու,ԼՕԽ-ի նոր կազդուրման կայանի շէնքը ,ուր աշխատանքը ընթացքի մէջ էր:








