ԼՕԽի Շրջ. Վարչութեան
Կազմակերպչական Յանձնախումբ
Կազմակերպչական թերթիկ թիւ 2
Փետրուար 2017
Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւնը 17 Նոյեմբեր 1999ին որոշում տուաւ 21 Փետրուարը մայրենի լեզուի օր հռչակել: Այս որոշումը կը միտի այն իրողութենէն, որ լեզուները հետզհետէ սխալ կը խօսուին եւ կը գրուին, այսինքն վայրէջքի մէջ կը գտնուին: Այս նկատառումով է ահա, որ ՄԱԿը կը թելադրէր ժողովուրդներուն, որ գուրգուրան իրենց մայրենի լեզուներուն վրայ:*
Մայրենի լեզուի օրուան առթիւ մեր անդամուհիներուն կը ներկայացնենք այս թերթիկը, որ համադրումն է Բենիամին Թաշեանի եւ Դաւիթ Գասպարեանի լեզուի նուիրուած յօդուածներուն:
1970ական թուականներուն Ֆրանսայի գիտութեանց կաճառը ճշդած էր աշխարհի մէջ խօսուած լեզուներու ցանկը, որմէ կը պարզուէր թէ ամբողջ մարդկութիւնը կը խօսի 2796 լեզուներ: Կաճառը այդ լեզուները դասաւորած է քանակական, այսինքն թիւով, եւ առաջին տեղը տուած էր, բնականաբար, չինարէնին, զոր կը խօսին միլիոնաւոր մարդիկ:
Բոլոր կենդանի լեզուները դասաւորելով ֆրանսական կաճառը 38րդ տեղը տուած էր հայ լեզուին: Այսինքն, 2758 լեզուներ, ժողովուրդներ եւ ազգեր, կու գային մեզմէ ետք: Իսկ եթէ կաճառը իր դասաւորումը կատարէր որակական իմաստով, այն ատեն հայ լեզուն, իր բառամթերքով, ճկուն բառերով եւ քերականակն զմայլելի ու անթերի կառոյցով հաւանաբար պիտի բռնէր աւելի առաջնագոյն տեղ:
Այսօր, դժբախտաբար, նոյն պատկերը չի ներկայացներ մայրենի լեզուն: Հետզհետէ օտար բառեր կը մտնեն մեր լեզուին մէջ, որ կը նահանջէ: Չենք գիտեր, որ եթէ լեզուներու դասակարգում ըլլայ հիմա, հայ լեզուն ո՞ր դիրքը պիտի գրաւէ: Ահա՛ թէ ինչու պէտք է ամէն գնով գուրգուրալ հայ լեզուին վրայ:
Հայոց լեզուն հայոց հայրենինք է: Հայութիւնը կայ ու կ'ապրի իբրեւ լեզու-հայրենիք: Հայ գիրերը, որ ստեղծուեցան 5րդ դարուն, փրկութեան յոյս էին եւ ճանապարհի լոյս: Անոնք էին, որ բոլոր ժամանակներու հարուածներուն դիմացան ու հայ պահեցին մեզ: Պէտք է յիշել այն մայրերը, որոնք Ապրիլեան Եղեռնի գաղթականութեան օրերուն աւազներու վրայ սորվեցուցին մեր մայրենի լեզուն իրենց զաւակներուն: Լեզուն հայրենիք կը ստեղծէ եւ ժողովուրդ կը պահէ: Այո՛, լեզուն ոչ միայն մեր պատմութիւնն է եւ աշխարհագրութիւնն է, այլեւ բոլոր ժամանակներու մեր հայրենիքն է:
Մայրենի լեզուն մեր աւանդութիւններու ամբողջութիւնն է, աշխարհի քաղաքակրթութեան հետ միասին քալելու ցուցանիշը: Ինչպէս որ նորածինի մը աճման եւ զօրացման համար անհրաժեշտ է մայրական կաթը, այդպէս ալ ժողովուրդներու միտքի զարգացման համար անհրաժեշտ է մայրենի լեզուն: Իսկ հիմա, մայրական հարազատ կաթը փոխարինուած է արհեստական սնունդով, իսկ մայրենի լեզուն՝ օտարախօսութեամբ: Մայրական կաթով չմեծցած երեխան, ինչպէս կը հաստատէ արդի բժշկագիտութիւնը, կ'ըլլայ տկար եւ հիւանդոտ: Նոյն մայրենի լեզուով չդաստիարակուած երեխան, դարձեալ ինչպէս կը վկայեն գիտնականներու ուսումնասիրութիւնները, երբեք չի հասնիր իր մտային զարգացման առաւելագոյն աստիճանին:
Սխալ եւ ոչ հայկական խօսելու կամ գրելու պարագային լեզուն կը դառնայ անկենդան բառերու շարք: Այնպէս ինչպէս սուտի եւ կեղծիքի մէջ չի կրնար ըլլալ մարդկային երջանկութիւն, այնպէս ալ լեզուական սխալներու մէջ չի կրնար ըլլալ հոգեւոր բաւարարութիւն:
Այսօր, ամէն քայլափոխի, թէ՛ հայ մարդոց խօսքին մէջ, թէ՛ գիրքերու եւ թէ՛ մեր թերթերուն մէջ յաճախակի կը հանդիպինք այնպիսի լեզուական սխալներու, որ մեր օրը կը սեւցնեն եւ մեզ կը դարձնեն ջղային: Փողոցի խօսակցական լեզուն անճոռնի է: Պէտք է ըմբռնել, սակայն, որ լեզուն մարդկութեան ունեցած մեծագոյն գանձն է, մայրենի լեզուն՝ իւրաքանչիւր ազգի սրբութիւնը:
Մեր լեզուն մեր կեանքն է:
Մեր լեզուն մեր հայրն է ու մեր որդին, մեր մայրն է ու մեր դուստրը:
Հայոց լեզուն մե՛նք ենք, որ հա՛յ կը կոչուինք եւ այդ լեզուին տէրն ենք ու ստրուկը, պահապանն ու ծառան: Առանց հայոց լեզուի մենք կը դադրինք ըլլալ այն՝ ինչ որ ենք:
«Հայոց լեզուն տունն է հայուն» եւ, իրաւացիօրէն կ'ըսէ Մուշեղ Իշխան իր համանուն բանաստեղծութեան մէջ: Ան կը շարունակէ
Հայ լեզուն տունն է հայուն աշխարհիս չորս ծագերուն,
Ուր կը մտնէ ամէն հայ իբրեւ տանտէր հարազատ,
Կը ստանայ սէր ու սնունդ, սրտի հպարտ ցնծութիւն
Եւ բորեանէն ու բուքէն հոն կը մնայ միշտ ազատ։
Ուրեմն, բոլոր բաներէն բարձր գնահատենք, ամէն ինչէն նուիրական պահենք ու պահպանենք մեր ամենամեծ եւ միակ անկորնչելի գանձը՝ ՀԱՅՈՑ ԼԵԶՈՒՆ:
