Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան դաստիարակչական յանձնախունբին, Այնճարի մէջ նշուեցաւ «Կանանց Միջազգային Օր»ը, Երկուշաբթի, 12 մարտ 2018-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, «Սարգիս Զէյթլեան» ժողովրդային տան՝ «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ:
Ներկայ էին Այնճարի քաղաքապետ՝ Վարդգէս Խօշեան, «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ ընկ. Ժագ Տաղլեան, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ցօղիկ Հաւաթեան, Տէր Միւռոն քհն. Աւետիսեան, պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան, Քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեան եւ մեծ թիւով ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ եւ համակիրներ:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ընկհ. Քնար Շխըրտմեան Գամպէրեան: Ան նմանութեան գիծ մը գտաւ, գարնան եղանակին և կանանց միջեւ, նաեւ անդրադարձաւ իգական սեռի զոհողութեան ընտանիքէն ներս: Ապա ներկայացուց օրուան պատգամախօս՝ Լիբանանահայ գրագիտուհի Էլօ Սարաճեան Հերկելեանը:
Ընկհ. Հերկելեան լուսարձակի տակ առաւ Պարոյր Սեւակի, Չարենցի, Յովհաննէս Թումանեանի, Գուրգէն Մահարիի եւ Ռուբէն Սեւակի կեանքերը, վեր առնելով այն բաժինները, ուր կինը ներկայացած է իբր ներշնչման աղբիւր և պահապան անոնց բանասիրութեան:
Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Այնճարի Հայ Աւետ. Վարժարանէն մեներգով՝ Գետակ Այնթապլեան: Ազգ. «Յառաջ - Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական Վարժարանէն՝միասնաբար Լիլիթ Աբրահամեան՝ երգ, Ալիսիա Չափարեան՝ Ջութակ, Նարօտ Գառնէշեան՝ փիանօ, իսկ Ընկհ. Վիքթորիա Գէորգեան մեներգով մեկնաբանեց Թումանեանի «Ասում են Ուռին» և Չարենցի «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի» երգերը, որուն միացան ներկաները ինքնաբուխ, ստեղծելով ուրախ պահ մը:
Աւարտին, Այնճարի Քաղաքապետը խօսք առնելով հաստատեց, թէ աշխարհի կէսը կինն է, իսկ միւս կէսն ալ սիրտը եւ ընդունեց, թէ ան յաւելեալ յարգանքի արժանի է:
Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինը փակուեցաւ Տէր Միւռոն քհն. Աւետիսեանի պահպանիչով: Ներկաները հիւրասիրուեցան և ստացան դալար ծաղիկներ՝ տրամադրուած Այնճարի քաղաքապետութեան կողմէ:















