«Կանանց Միջազգային Օր»Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Դաստիարակչական Յանձնախումբին

This page is not yet available in this language.

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի Դաստիարակչական Յանձնախումբին՝ Երկուշաբթի 9 Մարտ 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» Ժողովրդային Տան «Մովսէս Տէր Գալուստեան» Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Կանանց Միջազգային Օրուան հանդիսութիւնը:

Ձեռնարկին ներկայ էին Լ.Օ.Խ.-ի շրջանային վարչութեան անդամ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանը, Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի վարչութիւնը, ընկերուհիները, Տիկնանց Միութիւններու ներկայացուցիները եւ մեծ թիւով ներկաներ:

Մուտքին բոլոր ներկաներուն բաժնուեցաւ ցեղասպանութեան 100-ամեակի խորհրդանիշը հանդիսացող անմոռուկ ծաղիկին վզնոցները եւ զարդասեղները:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Լ.Օ.Խ.-ի քայլերգով,  որմէ ետք Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի  Դաստիարակչական յանձնախումբի անունով ընկհ. Մատլէն Խօշեան արտասանեց ձեռնարկի բացման խօսքը:

Ընկհ. Խօշեան ըսաւ թէ օրուայ ձեռնարկը նուիրուած է բոլոր այն կանանց որոնք իրենց էութեամբ եւ ներուժով նուիրուած են մարդկութեան զարգացման: Ան շարունակեց ըսելով թէ կիներու փոխանցած արժէքներն են որ կը կազմեն առանցքը արժանապատիւ ընտանիքի կազմութեան եւ հիմը կը դնեն խոստմնալից եւ պահանջատէր ընկերութեան՝ դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու զանազան բնոյթի դժուարութիւնները:

  Բացման խօսքէն ետք՝ երգերով ելոյթ ուեցաւ Տիկ. Սիլվա Քեչէճեանը:

  Ապա ընկհ. Խօշեան ներկայացուց օրուայ պատգամախօս ընկհ. Մակի Խաչերեանը՝ Ազգային «Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան» վարժարանի արհեստից բաժնի տնօրէնուհի:

Ընկհ. Խաչերեան ներկայացուց կիներու միջազգային օրուան ճանաչման համար տարուած հանգրուանային աշխատանքները մինչեւ անոնց իրաւունքներու ձեռքբերումը: Ան  խօսելով Հայ կնոջ մասին ըսաւ «նախաքրիստոնէական ժամանակներու պատմաբաններուն հրապարակագիրներու արձանագրութիւնները կը բացայայտեն որ Հայոց պատմութեան գրեթէ բոլոր հանգրուաներուն հայ կինը շատ մեծ հեղինակութիւն վայլած է, շատ յաճախ մարդուն հաւասար եւ երբեմն աւելին. եղած է բարձր դիրքերու վրայ, իշխած եւ կառավարած է ինչպիսին այրերը եւ ունեցած է սեփական կալուած եւ ինչք» :

Ան անդրադառնալով այն բոլոր հայ կիներուն որոնք ազդեցիկ դերակատարութիւն ունեցած են հայոց պատմութեան մէջ ըսաւ «Դարերու ընթացքին երբ այրը երկրի պաշտպանութեան գործին նուիրուած էր, Հայ կնոջ վստահուած էր մեծ ընտանիքին պատասխանատուութիւնը, դաստիարակութիւնը, տնտեսումը, ձեւով մը ամբողջական իշխանութիւն , զորս հմտօրէն վարած է Հայ կինը իր համեստութեամբ, համբերութեամբ, լայնախոհութեամբ եւ լաւատեսութեամբ»:

Ընկհ. խաչէրեան վեր առաւ Հայ ժողովուրդի հասարակական կեանքի ղեկավարման մէջ դերակատար հանիսացած հայուհիները՝ որոնց անուններով մկրտուած են Հ.Օ.Մ.-ի  թէ Լ.Օ.Խ.ի մասնաճիւղերը:

Վերջապէս ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով «կիներու միջազգային օրուան առիթով որպէս յանձնառու Հայուհիներ, գաղութի վերելքին համար գործենք ու զարգացնենք դրականը եւ սրբագրենք ժխտականը»:

Այնուհետեւ նուագով հանդէս եկան Յասմիկ Այնթապլեան ֆլիւթով եւ Շաղիկ Հապէշեան Ջութակով:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրի յանձնում եւ հիւրասիրութիւն: