Կաղանդի Ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

 Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան եւ գործակցաբար շրջանի  ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղին, Զահլէի «Հայ կեդրոն»ին մէջ, Ուրբաթ, 29 Դեկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, տեղի ունեցաւ երեխաներու յատուկ կաղանդի ձեռնարկ:

Կեդրոնին մէջ  կը տիրէր բացառիկ ու գեղեցիկ մթնոլորտ, զոր ստեղծած էին շրջանի փոքրերը իրենց ծնողներուն հետ միասնաբար :

Տիկ. Լիզա Հէքիմեանի հետ ժամանած կերպարները, ներկաներուն ստեղծեցին ուրախ պահեր. երգեցին, պարեցին, մինչեւ հասաւ  սպասուած կաղանդ պապուկը:

Ի տես կաղանդ պապուկին բաշխած նուէրներուն, երեխաներուն  խանդավառութիւնը բազմապատկուեցաւ: Անոնք բարձր տրամադրութեամբ եւ  գոհունակ  մեկնեցան կեդրոնէն: