Կաղանդի Ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Ռաուտայի», «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան, Ուրբաթ, 19 Դեկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ ամանորի ձեռնարկը շրջանի ակումբէն ներս: ԼՕԽ-ի քայլերգը ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Յակոբեան բարի գալուստ յայտնեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանին, ընկերուհիներուն եւ ներկաներուն: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ-«երբեք ճիգ չենք խնայեր միշտ ուրախացնելու ձեզ ,հաստատ գիտենք, որ այս տարի բոլորս դիմագրաւեցինք նեղութիւններ ու զանազան դժուարութիւններ, բայց այժմ եկէ՛ք հեռացնենք այդ նեղութիւնները, որպէսզի ուրախութեամբ դիմաւորենք 2015 տարեշրջանը» : Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն աշխատակիցներուն եւ ներկաներուն որոնք նպաստեցին ձեռնարկի յաջողութեան : Այնուհետեւ ընկերուհին կատարեց շատ ուշագրաւ մրցում մը, ԼՕԽ-ի վերաբերող 3 հարցումներ ուղղեց ներկաներուն, եւ իւրաքանչիւր հարցումի առաջին ճիշդ պատասխանողը ստացաւ նուէր մը: Ամանորի հայկական ճոխ երգերով դիմաւորուեցաւ կաղանդ պապուկը, տօնածառը եւ ծեր պապուկին գաւազանը, որոնք պարեցին ներկաներուն հետ եւ անոնց բաշխեցին նուէրներ: Վիճակաձգութենէն ետք, ձեռնարկը աւարտեցաւ ամանորի լաւագոյն բարեմաղթութիւններ ընելով իրարու, եւ բոլորը մեկնեցան ուրախ եւ բարձր տրամադրութեամբ: