Կաղանդի Աւանդական  Ձեռնարկ (2015)

This page is not yet available in this language.

Հինգշաբթի, 3 Դեկտեմբեր 2015-ի, առաւօտեան ժամը 11:00-էն սկսեալ, Անթիլիասի «Maison M» ճաշարանին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Գայեանէ» մասնաճիւղի (Պէյթ Գօգօ) տարեկան աւանդական ձեռնարկը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեանի, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Տէմիրճեանի, քոյր մասնաճիւղերու ու միութիւններու ներկայացուցիչներու, հիւրերու եւ մասնաճիւղին նեցուկ կանգնող բարեկամուհիներու:

Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սօսի Մանուէլեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց նուիրատուներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք ճիգ չխնայեցին սոյն ձեռնարկի իրագործման եւ յաջողութեան: Ան նկատել տուաւ , թէ հակառակ անոր, որ մասնաճիւղը կը գտնուի հեռակայ շրջանի մէջ, սակայն ներկաներուն թիւը ՝աւելի քան 150 հոգի , շատ յուսադրիչ եւ քաջալերական է:

Ընկհ. Մանուէլեանի յաճախակի ասացուածքներով եւ առածներով մէջբերումները աւելի հմայք տուին ձեռնարկին եւ ներկաներուն պարգեւեցին դաստիարակիչ ու հոգեթով պահեր:

Մթնոլորտը ճոխացուց Օրդ. Լիւսի Չամսարեան, նուագելով հայկականի կողքին, այլազան մեղեդիներ: Տեղի ունեցաւ զարգացման մրցում խաղ մը, որ առաւել եւս խանդավառեց մթնոլորտը:

Վարչութեան պատրաստած վիճակահանութեան թիւեր կրող սրուակները, որոնք զարդարուած էին գունագեղ երիզներով եւ լեցուած տեսակաւոր բլիթներով ու հատիկով, իւրայատուկ երանգ տուին ձեռնարկին եւ արժանացան ներկաներուն բարձր գնահատանքին:

Վարչութեան անխոնջ եւ ժրաջան աշխատանքը քաջալերելով կատարուեցան ինքնաբուխ նուիրատուութիւններ:

Ձեռնարկի աւարտին, ներկաները գոհունակ սրտով, «Գայեանէ» մասնաճիւղին զօրավիգ կանգնելու խոստումով եւ յաջորդ տարուան հանդիպման յոյսով, բաժնուեցան սրահէն: