Կաղանդ Պապուկի Ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Հեղուշ Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Ուրբաթ, 22 Դեկտեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Էհլանի» հանդիսասրահէն ներս կատարեց Կաղանդ Պապուկի ձեռնարկը, որուն ներկայ էին Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարալ Յովհաննէսեան, կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ, Մարիա Չոլաքեան, ընկհ. Մակի Խաչերեան, քոյր մասնաճիւղերու ընկերուհիներ, անդամուհիներ եւ հիւրեր:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Սօսի Յակոբեան վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ըսաւ , որ այս նոր տարին թող առիթ մը ըլլայ վերանորոգելու մեր հոգիները եւ սիրով ընդունելու մեր Տիրոջ եւ միակ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնը:

Ան իր խօսքին աւարտին իւրաքանչիւրին մաղթեց ամենայն բարիք, կանաչ ճանապարհ, անամպ երկինք եւ խաղաղութեամբ լի Նոր Տարի մը:

Ապա հրաւիրեց ընկհ. Մակի Խաչերեանը, որ հարազատ եւ մանրամասն ձեւով բացատրեց անցեալի մեր հայկական գիւղերու եւ կարգ մը օտար երկիրներու ամանորի աւանդութիւնները եւ ըսաւ, որ աւանդական Նոր Տարին, Ամանորը, Նաւասարդը, թէ′ կաղանդի տօնախմբութիւնները ուրախ ժամեր անցընելէն շատ աւելի մեծ ու խորունկ խորհուրդ ունին: Ամանորը տալու, մեր ունեցածէն ուրիշին բաժին հանելու տօնն է, առանց ցուցականութեան եւ Յիսուսի պատգամին նման գործելով:

Ան եզրափակելով իր խօսքը, բոլորին մաղթեց առողջութիւն, արեւշատութիւն, յաջողութիւն, հոգեկան խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն:

Երիտասարդ երգիչ՝ Հրակ Գէրսոյեան ամանորեան ճոխ երգերով խանդավառեց ձեռնարկի մթնոլորտը:

 Ներկաները ամանորը խորհրդանշող նուէրներ ստացան տրամադրուած ընկհ. Սիրուն Պէքարեանին կողմէ եւ նուէրներ՝ Կաղանդ Պապուկէն:

Բոլորը մեկնեցան սրահէն ուրախ եւ գոհունակ: