Ծաղկազարդի եւ Զատկուան զոյգ տօներուն առիթով ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Ծաղկազարդի եւ Զատկուան զոյգ տօներուն առիթով,  18 Մարտ 2016-ին, տեղի ունեցաւ նախաճաշի ձեռնարկ մը, Հայաշէնի ժողովրդային տան, «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ։ Ներկայութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ`ընկհ. Սօսի Արամեանի, կազմակերպչական յանձնախումբէն` ընկհ.  Մարկօ Կոտալազեանի, ԼՕԽ-ի «Կարս» եւ «Աստղիկ» քոյր մասնաճիւղերէն ներկայացուցիչ ընկերուհիներու,  ԼՕԽ-ականներու եւ հիւրերու ։

  Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մասնաճիւղի ատենապետուհին`ընկհ. Շաքէ Պաղտասարեան: Բարի գալուստ մաղթելէ ետք, ան ըսաւ.-«  մեծ պահքը տակաւին իր աւարտին չհասաւ, եւ Աւագ շաբաթը ամէն օր ունի իր եկեղեցական արարողութիւնները, նա մանաւանդ տասը կուսանացը,  կարգ ոտնլուան, խաւարման գիշերը,  կարգ թաղման,  ճրագալոյցը եւ խթման գիշերը»։ Ապա լայնօրէն անդրադարձաւ Ծաղկազարդի սովորութիւններուն եւ աւանդութիւններուն մասին,  հասնելով մինչեւ Սուրբ Զատիկ,  տուներուն մէջ կատարուած սովորութիւնները մեծ մայրերէն սկսեալ,  պատրաստուած ճաշերը եւ ուտելիքները ի՞նչ էին եւ ի՞նչ իմաստ ունին,  ինչո՞ւ  հաւկիթ կը ներկենք եւ ինչո՞ւ կը խաղանք,  այս բոլորը մանրամասն բացատրելէ ետք,  ներկաներուն առջեւ հաւկիթ ներկելու եւ զարդարելու զանազան ձեւեր բացատրեց որը ներկաներուն եւս հաճելի թուեցաւ։ Ապա կողով յարդարելու համար բացատրեց թէ ի՞նչ բաներու կարիքը ունինք, եւ նախընտրելի է այս սղաճին, մենք մեր ձեռքերով պատրաստենք մեր պիւտճէին համեմատ գեղեցիկ Զատկուայ կողովներ։

Տեղի ունեցաւ հաւկթամարտ եւ գեղեցիկ զարդարուած կողովը նուիրուեցաւ յաղթողին։

Օրուան բախտաւորը եւս ստացաւ նուէր մը։ Ապա վաճառուեցաւ Զատկուան զարդարանքներ որպէս վիճակահանութիւն։ Հիւրասիրութիւններու  ընթացքին  կատարուեցան  նուիրատուութիւններ։

Ընկերային եւ խանդավառ մթնոլորտով ներկաները սրահէն բաժնուեցան։ ԼՕԽ-ի «Հայաշէն»  մասնաճիւղի վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ` տիար Քրիստափոր Աճէմեանին,  որ սոյն նախաճաշի ձեռնարկի ծախսերուն հսկայ բաժինը  հոգաց,  իր մօր եւ նահատակ եղբօր ` Սեդրակ Աճէմեանին (զոհուած Լիզպոնի մէջ) յիշատակներուն։