Տարեցներու Զատկուան Ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

 Գործակցութեամբ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբին, ճաշարան «Արեւ»ի տնօրէնութիւնը,  այս տարի եւս, մեր Փրկչի Յիսուս Քրիստոսի Ս. Յարութեան տօնին եւ իրենց մօրենական մեծ հօր անուանակոչութեան  առիթով, ճաշի հրաւիրեց Այնճարի տարեցները, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 3 Ապրիլ 2018 -ին,  ճաշարանի «Պայծառ» սրահին մէջ (անուանումը  ի յիշատակ ճաշարանատէրերուն մեծ մօր):

 Յանձնախումբին անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց ընկհ. Մատլէն Հաւաթեան: Տէր միւռոն Քհն. Աւետիսեան օրհնեց սեղանները: Առատ և համադամ ճաշերը վայելելէ ետք, օրուան սեղանապետ՝ ընկհ. Համեստ Ճամպազեան ընթերցեց Թագւոր Ներսէսեանի կողմէ Այնճարի բարբառով գրուած բանաստեղծութիւններ Ապա  հրաւիրեց ներկաներէն տաղանդաւորներ՝  երգելու կամ ասմունքելու: Տեղի ունեցաւ հաւկթախաղ: Շուրջպարերը ստեղծեցին խանդավառ մթնոլորտ:

 Աւարտին, խօսք առին Տէր Միւռոն Քհն. Աւետիսեան, պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան և քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեան, որոնք անդրադարձան  աւագ սերունդին բերած ներդրումին եւ տքնաջան աշխատանքին, ի սպաս Այնճարի բարգաւաճման, շեշտելով սիրով տալու և աշխատելու կարեւորութիւնը:

Ապա ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան անունով խօսք առաւ ընկհ. Ցօղիկ Հաւաթեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ճաշարան «Արեւ»ի տէրերուն, անոնց մշտական օժանդակութեան համար եւ յիշեցուց, թէ ընտանիքին մէջ կը գտնուին երեք ԼՕԽ- ական ընկերուհիներ: