Տարեցներու Ամանորի Հաւաքոյթ

This page is not yet available in this language.

Արեւելքի մէջ, հայկական նահապետական ընտանիքներուն մէջ, տարեցը ունի իր մեծ տեղը հինէն ի վեր:

Այնճար, հայաւանը, տօնական օրերու նախօրեակին, չի կրնար մոռնալ իր տարեցները ուրախացնել, մնալով հաւատարիմ աւանդութեան:

Արդ, ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի տարեցներու յանձնախումբը կազմակերպեց հաւաքոյթ մը, Ուրբաթ, 18 Դեկտեմբեր, 2015 կէսօրուայ ժամը 12:30–ին, ճաշարան «Շալլալաթ»-ի մէջ, բարերարութեամբը Տէր եւ Տիկ. Մարկոս եւ Ծովիկ Սնապեաններու, ի յիշատակ իրենց ծնողաց, Սնապի եւ Լուսինի:

Յանձնախումբի ատենապետ՝ Ընկհ. Քնար Գամպէրեանի բացման խօսքէն ետք, օրուայ սեղանապետ՝ Ընկհ. Մատլեն Խօշեան ստանձնեց յայտագրի իրագործումը: Խօսք առաւ ԼՕԽ-ի վարչութեան ատենապետը ընկհ. Ցողիկ Հաւաթեան որ շնորհակալութիւն յայտնեց նախորդ տարիներու բարերարներուն: Բարձր գնահատեց օրուայ բարերար ամոլի նուիրատուութիւնը եւ պատուեց զիրենք յիշատակի նուէրով մը: Ապա խօսք առին Պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան, Քոյր Թէոպիստէ Պետրոսեան եւ Տէր Միւռոն Քհն. Աւետիսեան: Բոլորն ալ դրուատեցին միութեան եւ բարերարին կատարած Աստուածահաճոյ գործը:

Տարեցներուն բարձր տրամադրութիւն ստեղծելու նապատակով, հրաւիրուած էր՝ երգիչ Յովիկ Թաֆրանեան, ընկերակցութեամբ օրկանահար Յովիկ Ատուրեանի: Անոնք իրենց հարուստ ձայնով եւ ճարտար մատներով հրամցուցին փունջ մը սիրուած, ժողովրդական, գաւառական եւ հայրենասիրական երգեր: Օրուայ սեղանապետը մէջ ընդ մէջ, կարդաց առիթին յարմար բանաստեղծութիւններ եւ աղօթքներ: Ինչպէս նաեւ, ան ներկաներուն ուղղեց հարցումներ Այնճարի 75–ամեայ պատմութենէն, եւ եզրակացուց թէ, բոլորին յիշողութիւնը տակաւին լաւ վիճակի մէջ է, հակառակ իրենց յառաջացած տարիքին:

Ներկաները (շուրջ 150 հոգի) շուրջպարերով, անցուցին ուրախ պահեր. Իսկ Կաղանդ պապուկին այցով անոնք աւելի խանդավառուեցան եւ ստացան նուէր, մէկական թէյնիկ: