Տարեկան Ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան «Զուարթնոց» մասնաճիւղի (Հազմիէ) կազմակերպած տարեկան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 5 Մայիս 2017-ին, «Siesta» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ մասնաճիւղիս ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, Հազմիէի փոխ քաղաքապետին, միութիւններու թէ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու եւ հրաւիրեալներու:

Ձեռնարկին բացման խօսքը կատարեց ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիլվա Տաայպէս, որ բարի գալուստ եւ բարի վայելում մաղթեց բոլորին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան եւ քաջալերանքին:

Ձեռնարկը ճոխացուց երգիչ Մհեր Չափարեան. Խանդավառ մթնոլորտէն եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, որմէ բախտաւորուեցան գրեթէ բոլոր ներկաները: