Տաքուկ եւ Հաճելի Ամառ

This page is not yet available in this language.

Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Աղթամար» Մասնաճիւղի ընկերային յանձնախումբին՝ Ուրբաթ, 23 Օգոստոսի կ.ե. ժամը 5:00ին, ճաշարան «Brothers’ Café»-ի մէջ տեղի ունեցաւ նախընթրիք:

Նախընթրիքին ներկայ էին  Լօխական ընկերուհիներ եւ համակիր տիկիններ ու օրիորդներ:

Հաւաքոյթին թամատան էր օրդ. Սեւան Ադամեանը, որ հետաքրքրական գիտելիքներով եւ հաճելի հանելուկներով ճոխացուց մթնոլորտը:

Ներկաները ուրախ ժամեր անցուցին նաեւ պարելով հայկական պարեր: