«Brunch»

This page is not yet available in this language.

 Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, «Զուարթնոց» (Հազմիէ) մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած տարեկան «Brunch»-ը տեղի ունեցաւ  Ուրբաթ, 6 Մայիս 2016-ին, Հազմիէի «Ալ Ղաուալի» ճաշարանին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սօսի Արամեանի, ԼՕԽ-ի քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու,  հիւրերու, ԼՕԽ-ականներու եւ համակիրներու:

Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Սիլվա Տղէյպէս կատարեց ձեռնարկի բացման խօսքը, ուր անդրադարձաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան եւ ներկայացուց ձեռնարկին նպատակը: Ապա հրաւիրեց երիտասարդ երգիչ՝ Մհեր Չափարեանը, որ ճոխ երգերով ջերմ մթնոլորտ մը ստեղծեց սրահէն ներս: Ներկաները իրենց ուրախութիւնը արտայայտեցին շուրջպարերով եւ մթնոլորտէն քաջալերուած կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:

Խանդավառ մթնոլորտին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակաձգութիւն: Ներկաները ուրախ եւ գոհունակ բաժնուեցան իրարմէ: