Պէյրութի Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի եւ Finn Church Aid կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու այցելութիւնը

This page is not yet available in this language.

Երկուշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2014-ի առաւօտեան, Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն այցելեցին Պէյրութի Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդի եւ Ֆինլանտական Finn Church Aid կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ՝ ընկհ. Սեդա Խտըշեանն ու տիկին Ռանա Իրաքաթը եւ խորհրդակցական հանդիպում մը ունեցան ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան դիւանին ,առողջապահական, նախազգուշական, դաստիարակչական, ձեռարուեստի եւ խոհանոցի յանձնախումբերու ,Լիբանանի Կնոջական Կազմակերպութիւններու յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի տնօրէնոթեան հետ:

Անոնք, նախորդ տարուան ծրագրի գործադրութեան յաջողութենէն մեկնած, որ կը միտէր գաղթական Սուրիահայ տիկիններու կեցութիւնը Լիբանանի մէջ բարելաւելու միտումով կազմակերպել դասընթացքներ ու դասախօսութիւններ, օգտակար դառնալով ապահովել անոնց ընկերային, թ´է տնտեսական բարեկեցիկ պայմաններ....փոխանցեցին թէ կը մտադրեն յառաջիկայ տարի եւս, ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, շարունակել գործադրել սոյն ծրագիրը թ´է սուրիացի եւ թ´է լիբանանցի տիկիններու համար:

Արծարծուեցան նաեւ ԼՕԽ-ի եւ ԱՊԸԲ կեդրոնի գործունէութեան հետ առնչուող զանազան նիւթեր: