Պտոյտ դէպի Զահլէ եւ Այնճար

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան առաջին ձեռնարկը եղաւ շրջապտոյտ մը դէպի Զահլէ եւ Այնճար, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 28 Յուլիս 2017-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Հուրի Պաժիկեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, անդամուհիներու եւ բարեկամուհիներու:

Առաւօտուն, պտոյտին մասնակցողները ուղղուեցան դէպի Պէքաայի Զահլէ քաղաքը: ԼՕԽ-ի Զահլէի «Շուշի» մասնաճիւղի  վարչութիւնը դիմաւորեց զիրենք, շրջանի ակումբի սրահին մէջ սիրալիր ընդունելութեամբ նախաճաշով մը հիւրասիրեց զանոնք եւ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց Զահլէի եւ յատկապէս շրջանի հայ գաղութին մասին: Ապա, խումբը այցելեց տեղւոյն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եւ «Սէյիտէթ Զահլէ վալ Պիքաա» եկեղեցիները: Շարունակելով հասաւ Ksara գինիի գործարանը: Ծանօթանալէ ետք գործարանի աշխատանքներուն եւ բաժանմունքներուն,   ուղղուեցաւ դէպի Այնճար հայաւան, ուր այցելեց ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանը եւ մօտէն ծանօթացաւ կայանի ամառնային ծրագրին:

 Պտոյտի վերջին հանգրուանը եղաւ «Արեւ» գեղատեսիլ ճաշարանը, ուր  մասնակիցները միասնաբար ճաշեցին եւ հաճելի ճամանակ անցուցին: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ:

Ներկաները ուրախ եւ բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան, դարձեալ հանդիպելու ակնկալութեամբ: