Պտոյտ դէպի Մաղտուշէ եւ Մլիթա

This page is not yet available in this language.

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ  «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ պտոյտ մը դէպի Լիբանանի հարաւային շրջանը, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ  հիւրերու:

Առաւօտեան ժամը 8:00-ին, փոխադրակառքերը ուղղուեցան դէպի Մաղտուշէ սրբավայրի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցին, ուր աղօթելէ ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարեցին իրենց նախաճաշը, ապա շարունակեցին  դէպի Մլիթայի թանգարանը, որմէ ետք ճաշեցին Հասպայայի ճաշարաններէն մէկուն մէջ:

ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Լենա Արամ  բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն  իրենց ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար, իսկ  մասնաճիւղի վարչութեան ընկերուհիներէն՝ Քնար Տէր Սարգիսեան ներկայացուց հայկական եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներէն Խաչվերաց տօնին խորհուրդը:

 Հայկական երգերով մթնոլորտը խանդավառեց երիտասարդ երգիչ՝ Նժդեհ Պոտրումեան: Ջերմ մթնոլորտէն ոգեւորուած կատարուեցան  նուիրատուութիւններ: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը: Երեկոյեան ներկաները բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները: