Պտոյտ դէպի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայան

This page is not yet available in this language.

            Հովանաւորութեամբ՝ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ՝ ԼՕԽ-ի ընկերային յանձնախումբին, Երկուշաբթի, 7 Սեպտեմբեր 2015-ին, տեղի ունեցաւ պտոյտ մը, կազդուրման կայանի ծրագրին մասնակցող փոքրիկներուն համար (թիւով 30), դէպի Այնճար :

            Փոքրիկները ուրախացնելը մաս կը կազմէ ԼՕԽ-ի առաքելութեան: Աննկարագրելի էր փոքրիկներուն ուրախութիւնը, որոնք «Պուտաքեան» հաստատութեան կողմէ տրամադրուած գլխարկները գլուխնին դրած եւ T-Shirt-ները հագած, առաւօտեան ժամը 9:00-ին հաւաքուած էին ԱՊԸԲ կեդրոնին մօտ սպասող փոխադրակառքերուն առջեւ, սկսելու համար ծրագրուած պտոյտը, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Մարօ Սալխանեանին եւ յանձնախումբի ընկերուհիներուն:

            Առաջին հանգրուանը եղաւ «Նապըհ Ալ Այնճար» ճաշարանը, ուր անոնք հիւրասիրուեցան անուշեղէնով եւ վայելեցին խաղավայրի գոյնզգոյն խաղալիքները: Ապա ուղղուեցան դէպի ԼՕԽ-ի «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանի շէնքը, ուր դիմաւորուեցան երեք ՀՄԸՄ-ական երիտասարդ- երիտասարդուհիներու կողմէ, որոնք յատուկ դաստիարակչական խաղերով զբաղեցուցին զիրենք: Կէսօրին, փոքրիկները ճաշակեցին «Արեւ» ճաշարանին հրամցուցած համեղ ուտելիքները եւ զովացուցիչները:

            Պտոյտին վերջին հանգրուանը եղաւ «Brother’s Cafe» ճաշարանը, որու սեփականատէրը, բոլոր փոքրիկները հիւրասիրեց պաղպաղակով:

            Անմոռանալի եւ յիշատակելի օր մը, որ միշտ պիտի յիշուի փոքրիկներուն կողմէ: