Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Արազ» մասնաճիւղի վարչութեան, Երեքշաբթի, 11 Յուլիս 2017-ին տեղի ունեցաւ վարչութեան կազմակերպած պտոյտը դէպի Հիւսիսային Լիբանան, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեանի, քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու:
Առաւօտեան ժամը 7:30-ին պտոյտը ընթացք առաւ: Առաջին հանգրուանը եղաւ «Շամսին» փուռը, ուր նախաճաշելէ ետք, խումբը ուղղուեցաւ դէպի «Քպէաաթ»-ի «Մար Շըլիթա» Եկեղեցին, ապա՝ թիթեռնիկներու թանգարանը եւ «Սէյիտէթ Ղասալէ» եկեղեցին: Պտոյտին վերջին հանգրուանը եղաւ «Տիուան Ալ Ուատի» ճաշարանը:
ԼՕԽ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Լենա Արամ բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար:
Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ կատարուեցան նուիրատուութիւններ:: Երեկոյեան ներկաները բարձր տրամադրութեամբ վերադարձան իրենց բնակարանները:













