Պտոյտ Դէպի «Այն Սաֆա»

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ –ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը (Զալքա) հաճելին ու օգտակարը միացնելով, 24 Օգոստս 2017-ին կազմակերպած էր պտոյտ մը դէպի «Այն Սաֆա»:

ԼՕԽ-ական ընկերուհիներն ու բարեկամուհիները Հ.Յ.Դ. «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն ճամբայ ելան առաւօտեան ժամը 8:30-ին: Տերունական աղօթքէն ետք, ազգային եւ հայրենասիրական երգերու մթնոլորտին մէջ հասան «Տէր Էլ Ամար» ուր պտըտեցան մոմէ արձաններու «Մարի Պազ» թանգարանը: Ապա շարունակելով  հասան «Այն Սաֆա»ի «Էլ Ճեզիրէ» ճաշարանը:

Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Անի Պաղտիկեանին եւ բոլոր ներկաներուն: Ան շարունակեց ըսելով «Այս պտոյտը կազմակերպուեցաւ վարչութեանս ժրաջան աշխատանքով եւ ձեր քաջալերանքին արդիւնքով, որպէսզի հասնինք մեր կարիքաւորներուն եւ սաներուն: Բարի օր ձեր բոլորին»:

 Ուրախ ու մտերմիկ մթնոլորտին մէջ ընկերուհիները մասնակցեցան վիճակահանութեան:

Վերադարձին՝ այցելեցին «Ազունիէի» հայ ազգային բուժարանը: Բոլոր ներկաները գոհունակ վերադարձան իրենց տուները, նորէն հանդիպելու մտադրութեամբ: