Պտոյտ Մայրերու Օրուան Առիթով

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» (Մարաշ) մասնաճիւղի վարչութեան մայրերու օրուան առիթով կազմակերպած պտոյտը, տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 20 Մայիս 2016-ին, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի եւ շուրջ 100 ընկերուհիներու, հիւրերու եւ բարեկամուհիներու:

 Առաւօտեան ժամը 9:00-ին  փոխադրակառքերը ուղղուեցան դէպի Պեքաայի Զահլէ քաղաքը, ուր առաջին հանգրուանին, խումբը այցելեց Ksara գինիի գործարանը: Հոն, ծանօթանալէ ետք գործարանի աշխատանքներուն եւ բաժանմունքներուն, այցելեց տեղւոյն «Սէյիտէթ Զահլէ վալ Պիքաա» եւ «Մար Շարպէլ» եկեղեցիները: Իր ուխտը կատարելէ եւ աղօթքը մատուցելէ ետք, շարունակեց դէպի Այնճար հայաւան, ուր այցելեց Ս. Պօղոս եկեղեցին եւ Մուսա Լերան յուշահամալիրը:

Պտոյտի վերջին հանգրուանը եղաւ «Ռազմիկ» գեղատեսիլ ճաշարանը:

Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Ատէլ Դերձակեան, վարչութեան անունով բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհաւորեց բոլոր մայրերուն տօնը, ապա հրաւիրեց Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը եւ ձեռնարկին ներկայ մասնաճիւղի վաստակաշատ ընկերուհիները: Ան, ծաղկեփունջով մը պատուեց ներկայացուցիչը եւ յուշանանուէրներով՝ վաստակաշատ ընկերուհիները: Յատուկ նուէրներ տրուեցան նաեւ օրուան բախտաւորին եւ ձեռնարկին ներկայ ամենէն տարեց մօր:

Այնուհետեւ, հրաւիրեց Ընկերուհի Մարալ Վարդապետեանը, որ օգտակար գիտելիքներ փոխանցեց ներկաներուն, ապա հարցումներ ուղղեց անոնց: Ճիշդ պատասխանողները ստացան նուէրներ, որ պատրաստուած էին ընկերուհիին կողմէ: Աւարտին, ընկհ. Մարալ արտասանեց Պարոյր Սեւակի «Մօր Ձեռքերը» եւ «Քիչ Ենք, Բայց Հայ Ենք» բանաստեղծութիւնները:

Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Խումբը մեծ գոհունակութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ վերադարձաւ: