Պտոյտ Մայրերու Օրուան Առիթով

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը( Զալքա) , 17 Մայիս 2016-ին կազմակերպած էր պտոյտ մը դէպի Այնճար,  մայրերու օրուան առիթով:

ԼՕԽ-ական ընկերուհիներն ու բարեկամուհիները ՀՅԴ  «Գարեգին Նժդեհ» ակումբէն ճամբայ ելան առաւօտեան ժամը 8:30-ին: Տերունական աղօթքէն ետք, ազգային եւ հայրենասիրական երգերու մթնոլորտին մէջ հասան «Ksara»-ի գինեգործարանը, ուր   տեսերիզի մը միջոցով ծանօթացան գինիի պատրաստութեան եղանակին, որմէ ետք  համտեսեցին գինին եւ պտըտեցան ժայռափոր շտեմարան, գինիի պահեստանոցը:

Ապա, անոնք ուղղուեցան դէպի Այնճարի բերդը, մօտէն ծանօթացան բերդի պատմութեան, մուտքին դրուած ցուցանակի մը վրայ մանրամասն բացատրութեամբ  ինացան,  թէ ո՞ր ժամանակաշրջանին եւ ո՞ր մշակոյթին կը պատկանին այդ հնութիւնները: Քիչ մը հանգչելէ ետք,  ուղղուեցան Այնճարի Ճաշարան «Արեւ»:

Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան բարի գալուստ մաղթեց Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Ազատուհի Սարգիսեանին եւ բոլոր ներկաներուն: Ապա շնորհաւորեց սիրոյ եւ նուիրումի խորհրդանիշ «Մայրերու օրը», մաղթելով բոլոր մայրերուն քաջառողջութիւն եւ երկար կեանք: Շնորհակալական խօսքեր ուղղեց ներկաներուն, որովհետեւ անոնց աջակցութեամբ «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը կը յաջողի իր գործունէութեան մէջ:

Եզրափակելով ըսաւ.- «Մօր սիրտը խորունկ վիհ մըն է, որուն յատակը միշտ կը գտնես ներողամտութիւն: (Հ. Պալզագ)»

«Մայրը այն անձն է, որ կրնայ ուրիշներ փոխարինել, բայց ոչ ոք կրնայ զինք փոխարինել: (Օսքար Ուայլտ)»

Համադամ ճաշերով, երգերով եւ ուրախ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընկերուհիները մասնակցեցան վիճակաձգութեան, ընտրուեցաւ նաեւ օրուան բախտաւոր մայրը:

Ուրախ ու գոհունակ բոլոր ներկաները վերադարձան իրենց տուները ԼՕԽ-ի յարկին տակ նորէն իրարու հանդիպելու մտադրութեամբ: