Պտոյտ 2015

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի ‹‹Անահիտ›› Մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան առաջին ձեռնարկը եղաւ դաշտագնացութիւն մը, դէպի հարաւային Լիբանան, որ տեղի ունեցաւ Երկուշաբթի, 28 Յուլիս 2015-ին: Ներկայ էին ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սիլվա Գարակէօզեան, պտոյտի նախագահութիւնը ստանձնած՝ ընկհ. Արշօ Ներսէսեան, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներ, հիւրեր եւ համակիրներ:

Փոխադրակառքերը, առաւօտեան ժամը 8:30-ին, նախ ըստ ծրագրուած յայտագրին, ուղղուեցան դէպի ‹‹Մաղտուշէ››ի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, այցելեցին ‹‹Մըլլիթայ››ի թանգարանը, ապա՝ դէպի ‹‹Հասպայա›› գիւղի ‹‹Շալլալաթ›› ճաշարանը, ուր վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Շաքէ Դարբինեան բարի գալուստ եւ ուրախ ժամանց մաղթեց ներկաներուն: Անոնք ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ ճաշակեցին իրենց հրամցուած ճաշը : Ուրախ մթնոլորտը քաջալերեց ներկաները, որոնք իրենց նուիրատուութեամբ եւ վիճակահանութեան տոմսերու սպառումը դիւրացնելով, օգտակար հանդիսացան վարչութեան աշխատանքներուն:

           Պտոյտի վիրջին հանգրուանը եղաւ ‹‹Պեքաա››ի ‹‹Շթորա›› գիւղը, որ մեծ գոհունակութիւն ներշնչեց մասնակիցներուն, որոնք բաւարարուած վերադարձան իրենց տուները: