Պտոյտ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի (Մար Մխայէլ) գարնանային պտոյտը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 19 Մայիս 2016-ին, դէպի հիւսիսային Լիբանան, Տումա գիւղը:

Առաջին հանգրուանը եղաւ «Պիթար» գիւղը, ուր ներկաները նախաճաշեցին եւ հանգստացան: Շարունակելով հասան Պաթրուն քաղաքի «Սուրբ Սթէֆըն» եկեղեցին, ուր հաւաքաբար երգեցին Տէր Ողորմիան : Յետոյ բարձրացան  «Սրբուհի Ռաֆքա» սրբատեղին, իւրաճանչիւրը կատարեց իր ուխտը: Այնտեղէն մեկնելով հասան  «Պշալէ» գիւղը, ուր կը գտնուին 4000 տարուան կեանք ունեցող ձիթապտուղի ծառեր: Ըստ աւանդութեան, Նոյան Տապանէն ղրկուած աղաւնին այդ ծառերու ճիւղէն առնելով վերադարձած է Նոյին քով:

Հասան Տումա գիւղը, որ վերէն դիտուած կարիճի կը նմանի: Հաւաքուեցան «Էսքլափիօ» ճաշարանը, ուր արդէն սեղանները պատրաստուած էին:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Արփի Մինասեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց, որ իրենց ներկայութեամբ քաջալերած են եւ զօրավիգ կանգնած վարչութեան աշխատանքին, տնտեսական այս սուր տագնապին:

Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն, որմէ ետք ընկերուհիները շրջեցան Տումայի հին շուկային մէջ:

Վերադարձին, վերջին հանգրուանը եղաւ «Սալէմ» պաղպաղակի կեդրոնը, Պաթրուն:

Շուրջ 70 ընկերուհիներ եւ բարեկամուհիներ ներկայ գտնուեցան եւ շնորհակալութիւն յայտնելով բաժնուեցան: