Պատմական Ակնարկ

This page is not yet available in this language.

1951 թուականին Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութիւնը իր սեփական միջոցներով Շթորայի մէջ հիմը կը դնէր «Նիկոլ Աղբալեան» դպրոցին, ընդարձակ սրահ մը, իր յարակից սենեակներով: Սրահին մէջ տեղի կ՛ունենային եկեղեցական արարողութիւնները, իսկ ամառը` ԼՕԽ-ի կողմէ կը վերածուէր ամառնային կազդուրման կայանի:

Կազդուրման կայանը հիմնուեցաւ հիւղաւաններու տաք եւ ոչ առողջապահական կլիմային մէջ ապրող չքաւոր ընտանիքներու տկարակազմ մանուկներուն համար: Տարիներ շարունակ հարիւրաւոր աշակերտներ տարբեր հանգրուաններով մաս կազմեցին կազդուրման կայանին, մաքուր ու առողջ կլիմայի մէջ անցուցին հաճելի ժամանակ եւ ունեցան դաստիարակիչ մթնոլորտ:

Իբրեւ փոփոխութիւն` քանի մը տարի կազդուրման կայանը տեղի ունեցաւ Մեթնի շրջանի Պուա տը Պոլոնեայի դալարածածկ շրջանին մէջ: Լիբանանի քաղաքական թէ տնտեսական ծանօթ պայմաններու բերումով, վեցամեայ ընդհատումէ ետք, կազդուրման կայանը մէկ տարի տեղի ունեցաւ «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ, իսկ այսօր տեղի կ՛ունենայ Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ` նոր շունչ ու ոգի տալով մեր մանուկներուն:

Կազդուրման կայանին գլխաւոր նպատակն է մասնակցող փոքրիկներուն ապահովել հոգեկան ու ֆիզիքական առողջ, հաճելի եւ օգտաշատ կեցութիւն: Կայանին 20-օրեայ ծրագիրը կը գործադրուի մասնագիտական անձնակազմով: Ծրագիրը կ՛ընդգրկէ` բարոյախօսական դասախօսութիւններ, պտոյտներ, խաղեր եւ ձեռային աշխատանքներ, իսկ վերջին շաբթուան ընթացքին կը պատրաստուի ձեռային աշխատանքի ցուցահանդէս եւ կայանի փակման հանդիսութիւն:

Կազդուրման կայանի ամբողջական աշխատանքը կ՛իրագործուի, Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբին կողմէ: Յանձնախումբը գործակցաբար մասնաճիւղերու վարչութիւններուն կը պատրաստէ մասնակցող կարիքաւոր փոքրիկներու անուանացանկը, ապա կը կատարէ ծնողներու հետ հանդիպում-դասախօսութիւն մը:

Կազդուրման կայանի նիւթականը կ՛ապահովուի Շրջանային վարչութենէն, ազգայիններէ, հայ եւ օտար հաստատութիւններէ, անհատներէ, Այնճարի հայրենակիցներէ եւ ԼՕԽ-ի մասնաճիւղերէ:

Այսօր նորակառոյց «Ալեքսան եւ Արաքսի Գըլպաշեան» կազդուրման կայանը մեծապէս պիտի նպաստէ ԼՕԽ-ի կենսական առաքելութեան ծաւալման:

Կը մնանք երախտապարտ եւ շնորհակալ կազդուրման կայանի գաղափարը յղացող ու այս ծրագրին հաստատումին հիմնաքարը զետեղող ու աւանդը շարունակող բոլոր ԼՕԽ-ականներուն, որոնց աշխատանքին ու զոհաբերութեան շնորհիւ այս կենսական գործը յաջողութեամբ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: