Այցելութիւն Լիբանանի Տեսարժան Վայրեր

This page is not yet available in this language.

            ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութիւնը, իր տարեկան ծրագրին մէջ միշտ տեղ տուած է բարեսիրական հաստատութեան մը այցելութեան: Արդ, միամեայ գործունէութեան  աւարտին, Հինգշաբթի, 11 Մայիս 2017 ին,  մասնաճիւղի վարչութիւնն ու յանձնախումբերու ընկերուհիները ճամբայ ելան դէպի Ազունիէի Ազգ. Բուժարանը: Անոնք այցելեցին բոլոր հիւանդներուն, ապա կարճ հանդիպում մը ունեցան  վաստակաշատ ԼՕԽ-ական՝ ընկհ. Շաքէ Եագուպեանին հետ: Ընկհ. Եագուպեան վճռակամօրէն յորդորեց ընկերուհիները տէր կանգնելու մայրենի լեզուին, հայկական մշակոյթին եւ ոգի ներշնչելու նորահաս սերունդին:

            Երկրորդ կայանը եղաւ «Հարիսա»-ի Աստուածամօր եկեղեցին, ուր իւրաքանչիւրը ունեցաւ իր սրտի խօսքը Աստուծոյ: Ճաշի պահը հասած էր, ուստի  խումբը ուղղուեցաւ դէպի Ժիւնիէի «Նոյ» ճաշարանը:

 Ըստ ծրագրին, ընկերուհիները  այցելեցին   ժպէյլի «Ա. Պէզիկեան» թանգարանը: Գեղեցիկ կառոյցին ընդառաջ, հիացած ու յուզուած էին:  Աստուած վարձահատոյց ըլլայ տէր եւ տիկ. Ալեքքօ Պէզիկեան ամոլին:

            Զուարճանալու պահն էր.նաւապտոյտ` Ժպէյլի ծովափին: Արեւմարին հետ, խումբը հասաւ Այնճար, վայելելէ ետք անմոռանալի օր մը: