Աշնանային Ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 4 Դեկտեմբեր 2017-ին, մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ, ներկայութեամբ՝ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Հուրի Պաժիկեան, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու:

 Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Ժագլին Ագըլեան, կատարեց բացման խօսքը: Ան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն իրենց ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար: Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսուհի՝ օրդ. Լուսին Բէնէնեանը ներկայացնելու «Միզային համակարգի բորբոքումներ» նիւթով դասախօսութիւնը:

Օրդ. Բէնէնեան դասախօսութեան սկսաւ նշելով միզային համակարգի գործարանները, այս գործարաններուն բորբոքումներու պատճառները, ախտանշանները եւ զանոնք կանխարգիլերու ու բուժելու միջոցները:

Ընկհ. Սեւան Կարապետեան-Ադամեան հայկական ճոխ երգերով խանդավառեց մթնոլորտը: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն: Ներկաները  կատարեցին սրտաբուխ նուիրատուութիւներ եւ բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան: