Աշնանային Ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 26 Նոյեմբեր 2017-ին, Զալքայի «Տիուան Էլ Հաշէմ» ճաշարանին մէջ, Ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Անի Պաղտիկեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու, հիւրերու եւ համակիրներու:

 Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ. Արաքսի Գըլըճեան իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց բոլորին  եւ կոչ ուղղեց երտասարդուհիներուն  միանալու ԼՕԽ-ի շարքերուն եւ նուերուելու անոր սրբազան առաքելութեան:Ապա հրաւիրեց օրուան դասախօսուհին՝ տիկին Անժէլ Մելքոնեանը փոխանցելու «Առողջ մարմին մը պահելու միջոցները» նիւթով դասախօսութիւնը:

 Երգիչ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան հայկական ժողովրդական եւ գաւառական երգերով խանդավառեց ձեռնարկը:  Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ եղան սրտաբուխ նուիրատութիւններ:

Ներկաները գոհունակութեամբ եւ բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան: