Աշնանային Ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան(Թրատ) կազմակերպած «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 9 Նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10։00-էն սկսեալ «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Ս. Ազնաւուրեան» սրահին մէջ։

ԼՕԽ-ի Քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետուհի ՝ ընկհ. Անի Գէլխաչերեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, իրենց քաջալերանքին եւ նեցուկին համար, որոնց շնորհիւ մասնաճիւղը կը յաջողի իր առաքելութեան մէջ, հասնելով ծերունիներու, աշակերտներու եւ առողջական ու ընկերային պարագաներու։

Օրուան դասախօսն էր մասնաճիւղին մօտ ԼՕԽ-ի կազմակերպչական յանձնախումբի ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Զեփիւռ Յովհաննեսեան, որ ներկայացուց ՀՕՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի ծննդոցները:

Ընկհ. Մարալ Վարդապետեան արտասանեց  Պարոյր Սեւակի «Մօր Ձեռքերը» բանաստեղծութիւնը: Երգիչ Հրակ  հայկական ճոխ երգերով խանդավառեց մթնոլորտը: Կատարուեցան նուիրատուութիւններ եւ տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն։

Ներկաները գոհունակ եւ յաջողութիւն մաղթելով մեկնեցան: