Աշնանային Հանդիպում

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Աշխէն» մասնաճիւղի (Նոր Մարաշ) վարչութեան կազմակերպած «Աշնանային Ձեռնարկ»ը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2016-ին, Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան Քոլէճի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Իսկուհի Գաբլանեանի, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ հիւրերու:

Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Քնար Գուճանեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բացատրեց ձեռնարկին նպատակը, ապա հրաւիրեց  երգիչ Նժդեհ Պոտրումեանը, որ ժողովրդական , աշուղական եւ հայրենասիրական երգերով խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծեց սրահին մէջ, որմէ քաջալերուած կատարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: Ընկերուհիներ  Մարալ Վարդապետեան եւ Մարինէ Ասայեան ելոյթ ունեցան ասմունքով:

Տեղի ունեցաւ  վիճակաձգութիւն:Ներկաները մեծ գոհունակութեամբ մեկնեցան սրահէն, դարձեալ հանդիպելու ակնկալութեամբ: