Աշնանային Հանդիպում

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Ա.Ազիրեան» մասնաճիւղի (Նոր Սիս) վարչութիւնը կազմակերպած էր «Աշնանային Հաւաքոյթ» մը, որ տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի, 10 Նոյեմբեր 2016-ին, «Միսաք Ազիրեան» ակումբի «Ատուր Գապաքեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան եւ քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալներու, ԼՕԽ-ական ընկերուհիներու եւ բարեկամուհիներու:

Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Թալին Պալթարեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին իրենց ներկայութեան եւ քաջալերանքին համար:

Ձեռնարկին մթնոլորտը խանդավառեցին՝ Կարին Անդրանիկեան հայկական- եւրոպական երգերով եւ Մարինէ Ասայեան՝ ասմունքով:

Տեղի ունեցաւ վիճակաձգութիւն եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ: ներկաները մեկնեցան բարձր տրամադրութեամբ: