ԼՕԽի «Պուշրիէ»ի «Արազ» մասնաճիւղի կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ 16 Դեկտեմբեր 2014- ին, առաւօտեան ժամը 10:00 ին «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ 40 ընկերուհիներու:
Մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ ընկհ. Լենա Արամ բարի գալուստ մաղթեց Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկերուհի Ազատուհի Սարգիսեանին, մասնաճիւղի անդամուհիներուն, բարեկամուհիներուն ապա իր լաւագոյն բարեմաղթութիւնները փոխանցեց ներկաներուն եւ աւելցուց , ‘’կը մաղթենք, որ 2015 տարին ըլլայ բարեբեր ուրախ տարի մը ու Հայ ժողովուրդը տիրանայ իր ամբողջական իրաւունքներուն ու բռնագրաւուած հողերուն, մանաւանդ, որ կը գտնուինք Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի սեմին’’ , իր խօսքի աւարտին հրաւիրեց օրուայ դասախօսուհի՝ ընկհ. Մարլէն Տանակէօզեանը, որ շատ հետաքրքրական ձեւով բացատրեց «Կաղանդի աստղ» ծաղիկի մասին ու պատմականը ըրաւ, թէ ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ բուսաբաններ կոչած են այս անունով, որովհետեւ ըսաւ ան, անոնք նմանութիւն մը գտած են Բեթղեհէմի փայլուն աստղին, որուն մոգերը հետեւեցան Քրիստոսը գտնելու իր մսուրին մէջ:
Այս շինիչ բացատրութիւններէն վերջ ժամանեց «Կաղանդ Պապուկը իր առատ նուէրներով , զուարճալի մթնոլորտ մը ստեղծեց, որուն յաջորդեց օրուայ հիւրասիրութիւնը:






