ԱՐԱԶ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի Արազ մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, 21 դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Կաղանդի խրախճանք, որուն ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, ԼՕԽ-ականներ եւ միութեան մօտիկ հիւրեր։

Վարչութեան անունով արտասանուած բարի գալուստի խօսքին մէջ շնորհակալութեան խօսք ուղղուեցաւ բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան ԼՕԽ-ի տարած աշխատանքին արդիւնաւէտութեան, նիւթապէս կամ բարոյապէս նեցուկ կը կանգնին միութեան նուիրական գործին, որպէսզի անոր աշխատանքները յաջողութեամբ պսակուին։

Աւարտին ներկաներուն ուղղուեցան մաղթանքներ՝ առողջութեան, յաջողութեան եւ երջանկութեան։

Ձեռնարկին ընթացքին տիրեց ճոխ մթնոլորտ, տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն։