Ամանոս շրջանի , ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, միշտ նախանձախնդիր համախմբելու իր անդամուհիները, որոշած էր յատուկ աշխատանք տանիլ, իր տարեկան մշակած ծրագրին զուգընթաց , իւրաքանչիւր ամսուան մէջ օր մը հրաւիրել եւ հաւաքել իր գործօն ընկերուհիները սեղանի մը շուրջ, միասնաբար ճաշակելու վարչութեան ընկերուհիներուն պատրաստած համադամ ճաշերն ու անուշեղէնը:
Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր 11 Մարտ 2016-ին , իսկ երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 15 Ապրիլ 2016-ին, «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբի , ԼՕԽ-ի վարչութեան սենեակին մէջ:
Հայկական «ոսպով քիւֆթէն » , պանիրով խմորեղէնն ու անուշեղէնը կը ներկայացնէին այդ օրուան ճաշացուցակը:
Տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում, արծարծուեցան մասնաճիւղի վարչութեան աշխատանքին հետ առնչուող հարցեր, յատկապէս 60-ամեակի ձեռնարկին կապակցութեամբ:
Ընկերուհիները խոստացան օժանդակել ձեռնարկին յաջողութեան:
ԼՕԽ-ի երդիքին տակ , սոյն հանդիպման մտերմիկ մթնոլորտը, հաճելի խօսակցութիւնն ու համեղ ճաշերը կարծես քաջալերած էին ներկայ ընկերուհիները առաջարկելու, որ նոյնանման հանդիպումներ յաճախակի կրկնուին եւ յաջորդ հանդիպման թուականը ըլլայ մօտալուտ:












