Ամառնային Պտոյտ (2015)

This page is not yet available in this language.

Երեքշաբթի, 11 Օգոստոս 2015-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին,Պուշրիէի, ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի ընկերուհիները միատեղուեցան մասնաճիւղի «Սօսի Մարտիկեան» սրահին մէջ, մեկնելու համար դէպի Պաագլինի շրջան:

Ութսուն մասնակիցները, երեք փոխադրակառքերով մեկնեցան դէպի Շուֆ եւ յաջորդաբար այցելեցին Սայիտէթ էլ թէլ Եկեղեցին, ապա Այն Զէյն քարայրը, կէսօրուան ժամերուն անոնք ճաշեցին Շալլալաթ Զարքա շքեղ Ճաշարանին մԷջ:

Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկհ. Լենա Արամ, խօսք առնելով բարի գալուստ եւ հաճելի զուարճութիւն մաղթեց բոլոր ներկաներուն:

Մթնոլորտը ճոխացաւ հայկական երգերով եւ երաժշտութեամբ: