Շաբաթ,19 Դեկտեմբեր 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, «Նիկոլ Դուման» ակումբի «Սիմոն Եահնիեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպած ամանորի խրախճանքը մանուկներու եւ տարեցներու համար, որոնք մէկտեղուեցան նոյն սրահին մէջ:
Օրուան հաղորդավարն էր Փաթիլ Մկրտիչեան, որ իր բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ ողջունելի նախաձեռնութիւն մըն է այս հաւաքոյթը՝ որուն նպատակն է ժպիտ դրոշմել տարեցներու դէմքերուն եւ խանդ ու կորով տեսնել մանուկներուն մէջ: Ապա խօսք առաւ մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ Մարօ Ընքապապեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք ներդրում ունեցան ձեռնարկի յաջողութեան:
Տօնական հաճելի մթնոլորտը ներառեց կերուխում, երգ, պար եւ խաղեր: Խամաճիկի եւ նապաստակի կերպարները միացան կաղանդ պապային, յաւելեալ խանդավառութիւն ստեղծելով:
Ներկաներէն իւրաքանչիւրը ստացաւ նուէր մը կաղանդ պապային ձեռամբ, ապա ակամայ բաժնուեցաւ սրահէն:











