Կազմակերպութեամբ Լ.Օ.Խ.-ի «Շուշի» մասնաճիւղին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Զահլէի մասնաճիւղին, Երեքշաբթի, 27 Դեկտեմբեր 2016-ին, Զահլէի «Հայ Կեդրոն»ը ապրեցաւ կաղանդի մթնոլորտ մը:
Արդ, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, կեդրոնի սրահին մէջ հաւաքուեցան շրջանէն 50 փոքրիկներ: Անոնք վայելեցին ներկայութիւնը հանդիսավար՝ տիկին Լիզա Հէքիմեանի, որ իր շուրջ համախմբեց երեխաները զուարճացնելով զանոնք, իր պատրաստած խաղերով:
Ձեռնարկի աւարտին, Կաղանդ Պապուկը այցելեց ներկաներուն: Շուրջ երկու ժամ տեւած հաճելի ընկերային պահը իր լրումին հասաւ հիւրասիրութեամբ եւ նուէրներու յանձնումով:
Լ.Օ.Խ.-ի «Շուշի» մասնաճիւղի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Զահլէի մասնաճիւղի վարչութիւնները իրենց խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնեն օրուան բարերարներուն:






