ԼՕԽ-ի «Շուշանիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Երեքշաբթի, 22 Դեկտեմբեր 2016-ին, Նիկոլ Դուման ակումբի սրահին մէջ կազմակերպեց ընկերային հաւաքոյթ մը,
ներկայութեամբ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչին, քոյր մասնաճիւղերու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ բարեկամներու։
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ՀՕՄ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք, վարչութեան ատենապետուհին կատարեց ձեռնարկին բացումը։
Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ըսելով, որ 2017-ն ըլլայ բարեբեր, խաղաղ տարի մը։ Ընկերուհին ըսաւ, թէ հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ԼՕԽ-ի կամաւոր ընկերուհիները անսակարկ նուիրումով աշխատեցան հասնիլ անկարին, աշակերտին, ծերին , հիւանդին։
Խօսքին աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք միշտ սատար կը հանդիսանան մասնաճիւղի աշխատանքներուն յաջողութեան։
Կաղանդի երգերով ելոյթ ունեցան Ազգ. Աբգարեան վարժարանի աշակերտները՝ ստեղծելով տօնական մթնոլորտ։
Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը՝ ընկհ. Սեդա Մածունեան, իր սրտի խօսքը փոխանցեց յիշելով, թէ Կաղանդը տարուան ամենասիրուած ու սպասուած տօնն է ոչ միայն փոքրերուն, այլ նաեւ մեծերուն համար։ Ան շեշտեց, որ Ս. Ծննդեան տօնը եւս սիրոյ ու նուիրումի տօնն է, եւ ԼՕԽ-ական ընկերուհին արդէն կը գործէ այդ սկզբունքով։ Ընկերուհին բոլորին մաղթեց սիրով լեցուն երջանիկ օրեր։
Մթնոլորտը ճոխացաւ հայկական շուրջպարերով եւ Կաղանդ պապուկին այցելութեամբ։ Ուրախ մթնոլորտէն խանդավառուած եղան նուիրատուութիւններ։
Ներկաները մեկնեցան իրենց հետ տանելով հաւատք՝ ԼՕԽ-ի աշխատանքին, յոյս՝ աւելի փայլուն ապագայի եւ սէր՝ մարդկութեան հանդէպ։







