Ամանորի Ձեռնարկ

This page is not yet available in this language.

ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի վարչութիւնը, աւանդութիւն դարձած Նոր Տարուան ձեռնարկը կազմակերպեց, Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-էն սկսեալ, «Անապ» ճաշարանին մէջ, Մար Միխայել:

ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութենէն ընկերուհիներ, մասնաճիւղերու վարչութիւններէ ներկայացուցիչներ եւ բարեկամուհիներ իրենց ներկայութեամբ քաջալերեցին վարչութեան տարած աշխատանքը, զօրավիգ հանդիսացան, որպէսզի նոր կորովով շարունակէ իրեն վստահուած պարտականութիւնը հասնելու համար բոլորին կարիքներուն անխտիր:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, վարչութեան ատենապետուհին կատարեց ձեռնարկին բացումը: Ան բարի գալուստ մաղթելէն ետք նշեց, թէ ԼՕԽ-ը արդէն 86 տարիներ բոլորած է եւ կը յառաջանայ դէպի հարիւրամեակ: Անդրադարձաւ նաեւ ԼՕԽ-ի կատարած ներդրումներուն հալէպահայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն: Շեշտեց, թէ Հալէպը փրկուած է ռմբակոծումներէ, քաղաքը ազատագրուած է եւ մեր ընկերուհիները հեզասահ եւ ապահով պիտի կարենան շարունակել իրենց վստահուած աշխատանքները: Աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին, շնորհաւորեց Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը մաղթելով, որ 2017 թուականը ըլլայ առողջութիւններով լի, բարեբեր եւ բախտաբեր տարի մը:

Մթնոլորտը ճոխացուց պրն. Կարօ Կէօքէօզեան մեկնաբանելով ազգային, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգեր:

Կաղանդ Պապան իր ներկայութեամբ խանդավառեց բոլորը, նուէրներ բաժնեց եւ իր մաղթանքները փոխանցեց: 

Ընկերուհիները շրջեցան սեղանները եւ Նոր Տարին խորհրդանշող իրեր ծախեցին փոխան վիճակահանութեան:

Տեղի ունեցաւ միութեան կազմակերպած մեծ վիճակահանութեան տոմսերու  վիճակաձգութիւնը, որմէ բախտաւորուեցան 4 անձեր: Անմիջապէս յաջորդեց ներքին վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը:

Ձեռնարկի աւարտին, իւրաքանչիւրին բաժնուեցաւ Նոր Տարին բնորոշող ծաղիկի թաղար մը (Փուանսէնթա) նուիրուած Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան կողմէ:

Վարձքը կատար բոլորին: