ԼՕԽ-ի «Նորաշէն» շրջանի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Կաղանդի ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Հինգշաբթի 18 Դեկտեմբեր 2014- ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ շրջանի «Ռուբէն» ակումբի սրահէն ներս, ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ ընկհ. Սանդուխտ Հերկելեանի, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով ընկերուհիներու։
Մասնաճիւղի ատենապետուհին՝ ընկհ. Զեփիւր Պոնիագրապեանի բացման խօսքէն ետք , ձեռնարկը կայացաւ շատ յաջող եւ ճոխ մթնոլորտի մէջ. ներկաները զուարճացան Կաղանդ Պապային երգերով , պարերով….եւ ստացան յատուկ Կաղանդի նուէր եւ չիր ու չամիչ։






