Ամանորի Ձեռնարկ (2014)

This page is not yet available in this language.

2015 տարին ուրախ մթնոլորտով դիմաւորելու ակնկալութաեմբ, ԼՕԽ-ի Ամանոս շրջանի «Կարինէ» մասնաճիւղի վարչութիւը երեքշաբթի 9 դեկտեմբեր  2014-ին «Քարաքադ Ալ Հաճ » ճաշարանին մէջ, ջերմ մթնոլորտի մէջ կազմակերպած էր «Ամանորի ձեռնարկ» մը ,ներկայութեամբ՝ Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ ընկհ. Սիրուն Վարդապետեանի եւ աւելի քան 80 ընկերուհիներու, հիւրերու եւ ԼՕԽ-ի բարեկամներու:
Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան կողմէ տրամադրուած ,Կաղանդը խորհրդանշող «Փուէնսէթիան» կամ «Կաղանդի Աստղ» ծաղիկի կարմիր թաղարները գեղեցկացուցած էին սեղանները.....

ԼՕԽ-ի քայլերգի ոտնկայս ունկնդրութենէն ետք մասնաճիւղի ատենապետուհի ընկհ.Ալին Արոյեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ խաչուհիի դերակատարութեան մեր ազգային կեանքէն ներս ,անոր պարտականութիւններուն եւ պարտաւորութիւններուն իր ընտանիքին եւ Հայ ժողովուրդին նկատմամբ:
Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցաւ Սիմոն Կոստանդինեան «ագորտիոնի» վրայ նուագելով եւ երգելով հայկական երգեր:
Ապա ժամանեց աւանդական կաղանդ պապան , նուէրներու տոպրակը շալկած, ներկաներուն մաղթեց առողջութիւն եւ խաղաղ, բարեբեր ,հաճելի անակնկալներով լեցուն Նոր Տարի մը, որմէ ետք նուէրներ բաժնեց բոլորին անխըտիր:

Կատարուեցան նուիրատուութիւններ եւ վիճակաձգութիւն, որուն նուէրները տրամադրուած էին ԼՕԽ-ի աշխատանքին հաւատացող վաճառատուներու կողմէ: